Monday, April 30, 2018

«ՔԵՍԱՊ…2014. ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՎԵՐԱԴԱՐՁ» - Սեւան Ասատուրեան-Մանճիկեան

ԱԿԱՆԱՏԵՍԻ ՄԸ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ



«ՔԵՍԱՊ…2014. ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՎԵՐԱԴԱՐՁ»

Սեւան Ասատուրեան-Մանճիկեան


Քեսապը՝ ինչպէս իւրաքանչիւր քեսապցիի համար, այնպէս ալ իւրաքանչիւր սուրիահայու հոգիին մէջ իւրայատուկ տեղ կը գրաւէ։ Այս գիւղը փոքրիկ Հայաստան է թէ՛ բանակող պատանիին, թէ՛ արշաւող երիտասարդին, եւ թէ ամառնային հանգստաւէտ արձակուրդ փնտռողին համար։ 21 Մարտ 2014-ի զինեալ ծայրայեղ խմբաւորումներու վայրագ եւ անակնկալ ներխուժումը ցնցեց ամբողջ հայութիւնը, սակայն երբեք չկոտրեց անոր կամքը՝ կրկին վերադառնալու եւ վերականգնելու Քեսապը։
Թէեւ Սեւան Ասատուրեան-Մանճիկեան բնիկ քեսապցի չէ, բայց անոր սիրտն ու հոգին կը շնչեն Քեսապով։ Այս իսկ պատճառով 21 Մարտ 2014-ի տեղահանութենէն Քեսապ վերադառնալով, իր առաջին մտահոգութիւնը եղաւ վաւերագրական աշխատանքի մը ձեռնարկելը, որուն հրատարակութիւնը իրականացաւ մեկենասութեամբ՝ Ցոլեր եւ Շողեր Մանճիկեաններուն։
«Քեսապ… 2014 Տեղահանութիւն եւ Վերադարձ» աշխատութեան մէջ տեղ գտած դէպքերու զարգացումը, այդ օրերուն քեսապցիներու դիմագրաւած դժուարութիւնները, հիասթափուած բայց չյուսահատած քեսապցիին մարդկային, հոգեկան խառն ապրումները՝ ականատեսի աչքով վկայութիւններ են, միաժամանակ վաւերագրական աշխատանք մը, որուն կարելի է վստահիլ։
63 էջերէ բաղկացած աշխատութիւնը կը բացուի յառաջաբանով, ուր հեղինակը հակիրճ կերպով անդրադարձած է վերջին տարիներուն Քեսապի ծաղկող ու զարգացող տնտեսական եւ մշակութային կեանքին։ Քեսապի վերջին հարիւր տարուան պատմութեան մէջ ճակատագրական թուականներու յիշատակում կատարելէ ետք, հեղինակը մանրամասնօրէն եւ ականատեսի վկայութեամբ քայլ առ քայլ գրի առած է 21 Մարտ 2014-ի ծանրակշիռ դէպքերու զարգացումը՝ կրակոցի առաջին ձայները, դղրդալի պայթումները, ընտանիքի անդամներու հոգին փրկելու համար պապենական աւանէն հեռացումը, դէպքերու զարգացումը, ժողովուրդին տեղահանութիւնն ու տրամադրուած օժանդակութիւններու ընթացքը, հասնելով մինչեւ 15 Յունիս 2014՝ Քեսապի ազատագրումը, երբ պետական, ազգային ներքին եւ արտաքին լարուած ճիգերով անյապաղօրէն վերստին բնակելի դարձաւ Քեսապը։
Յաջորդող էջերով հեղինակը, հիմնուելով Քեսապի Շտապ Օգնութեան Գործադիր Մարմինի տուեալներուն վրայ, վիճակագրական տարբեր ցուցակներով ներկայացուցած է Քեսապի ընտանիքներուն թուային պատկերը՝ համայնքային պատկանելիութեամբ, Ազգ.Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարանի, Հայ Աւետարանական Նահատակաց Միացեալ վարժարանի, Հայ Կաթողիկէ Բարեյոյս վարժարանի 2014-2015 եւ 2016-2017 աշակերտութեան թուապատկերը եւ բնակչութեան թիւը տեղահանութենէն ու վերադարձէն ետք։
Վերջին բաժինով հեղինակը նկարներով ընթերցողին ներկայացուցած է տեղահանութենէն ետք Լաթաքիոյ եկեղեցւոյ եւ Ազգ. Վարժարանի սրահներուն մէջ ապաստան գտած քեսապցիներուն վիճակը, բարեսիրական նպաստներն ու օժանդակութիւնները, հոգեւոր պետերու, ազգային եւ պետական հիւրերու այցելութիւնները, քեսապցի նահատակ երիտասարդներու լուսանկարները, Քեսապի աւերուած եւ վերականգնուած եկեղեցիներն ու մշակութային կեդրոնները։
Այս աշխատութիւնը լաւագոյն փաստն է սուրիահայու անկոտրում կամքին ու աննկուն հաւատքին, որ հակառակ տիրող դժուարին պայմաններուն, կը շարունակէ իր առանցքային դերակատարութիւնը ունենալ սուրիահայ համայնքը կանգուն պահելու եւ գործնականապէս նեցուկ կանգնելու վերականգնումի ամբողջական ծրագիրին։

Սեւան Շահպազեան

Friday, April 20, 2018

Պզտիկ Գիրք Մը` Մեծ Դէպքերու Մասին. «Քեսապի Պզտիկ Հանրապետութիւնը – 1919-1922» Հեղինակ` Հայկազ Թրթռեան


Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
2017-ի վերջերուն Հալէպի մէջ լոյս տեսած այս հատորին ծաւալը խաբուսիկ է. հեղինակը մօտաւորապէս 50 էջերու մէջ սեղմած է պատմական մեծ նշանակութիւն ունեցող դէպքեր, որոնք անջնջելի յիշատակներ ու հետքեր թողած են ո՛չ միայն մեր, այլ նաեւ Միջին Արեւելքի պատմութեան մէջ, Ա. Աշխարհամարտի օրերուն ու անոր յաջորդած տարիներուն:
Հայկազ Թրթռեանը Քեսապի զաւակ է. թէեւ կեանքին մեծ մասը ապրած է Քեսապէն դուրս, սակայն, գրեթէ բոլոր քեսապցիներուն պէս, ամուր կառչած է իր արմատներուն եւ, ահա, այս փոքրածաւալ գրքոյկով նորագոյն վկայութիւն մը կու տայ յանձնառու հայու իր նկարագիրին մասին: Տասնամեակներ շարունակ ուսուցչական ասպարէզին ծառայելով, ան հայրենասիրութիւն ներշնչած է իրերայաջորդ սերունդներու` առանց քողարկելու իր քեսապասիրութիւնը: Հատորը այլապէս հայելի մըն է այս յատկանիշներուն:
«Քեսապի պզտիկ հանրապետութիւնը» գիրքը խորքին մէջ յիշատակարան մըն է երկու մեծ իրադարձութիւններու, որոնց խորագիրներն են` Հայկական լեգէոնն ու Արարայի ճակատամարտը, եւ անոր յաջորդած` Քեսապի վերականգնումն ու թրքական թշնամանքին կազմակերպ դիմակայումը:
Յառաջաբանին մէջ հեղինակը կը հաստատէ, որ այս հատորով կը հետապնդէ հիմնական նպատակ մը. նոր սերունդներուն ու մասնաւորաբար երիտասարդութեան յիշեցնել, որ մեր պատմութեան մէջ ունեցած ենք յաղթանակի պանծալի դրուագներ, որոնք միայն անցեալին չեն պատկանիր, այլ անոնցմէ պատգամներ ու ժառանգութիւններ կը հասնին նաեւ այսօրուան սերունդներուն: Այլ խօսքով, ան նոր պատմութիւն չի հիւսեր, այլ մոռացութեան դարակներէն դուրս կը բերէ անմոռանալին:
Գիրքը ունի երկու գլխաւոր գլուխ. առաջինը` 5 ենթաբաժանումներով, հպանցիկ կերպով կը ներկայացնէ Ա. Աշխարհամարտի օրերուն, Անգլիոյ ու Ֆրանսայի նախաձեռնութեամբ, «Օտարերկրացիներու զօրաբաժին»-ին կազմութիւնն ու ճակատումներ. ֆրանսական բանակին կողքին կազմուած զօրամասը շուտով կոչուեցաւ «Հայկական լեգէոն»` իբրեւ օժանդակ գունդ` Միջին Արեւելքի` Պաղեստին-Սուրիա ճակատին վրայ Թուրքիոյ դէմ պատերազմող դաշնակից բանակներուն: Պատմութիւնը ծանօթ է. հայկական զօրաբաժինը, որ կ՛ընդգրկէր նաեւ փոքրաթիւ արաբներ, ապրեցաւ կազմաւորման եւ պատրաստութեան փուլերը, իր ճակատագրական դերը ունեցաւ Պաղեստինի մէջ` պարտութեան մատնելով թուրք-գերմանական բանակները` նախապէս անյաղթահարելի նկատուող Արարայի բարձունքին, որմէ ետք այս ճակատը փուլ եկաւ, ու դաշնակից ուժերը յառաջացան մինչեւ Թուրքիա: Քաջաբար կռուող հայերուն տրուած էր խոստում, որ Կիլիկիոյ մէջ պիտի ստեղծուի հայկական ինքնավար շրջան` ֆրանսական վերահսկողութեամբ, սակայն միւս երեսն ալ ծանօթ է` դաշնակից ուժերուն դաւաճանական թողլքումը եւ քեմալական Թուրքիոյ հետ սիրաբանութիւնը, որուն զոհ գնաց հայկական Կիլիկիան: Մինչ այդ, սակայն, լեգէոնականները, մասնաւորաբար` անոր մաս կազմած քեսապցիները, համախմբուեցան Քեսապի շրջանին մէջ ու կերտեցին ինքնիշխան կարճատեւ շրջան մը` պատուհասելով բռնատէր թուրքերը եւ ապահովութիւն ներշնչելով նաեւ շրջանի արաբներուն եւ յոյներուն: Ահաւասիկ այս ժամանակաշրջանին կ՛ակնարկէ հեղինակը` «պզտիկ հանրապետութիւն» ըսելով, եւ այդ դիպաշարին պատումը կը կատարէ երկրորդ բաժինով, ընդամէնը` 9 սեղմ ենթաբաժանումներով, ընթերցողին թելադրելով եզրակացութիւն մը, որ Սուրիոյ իշխանութեան տակ մնացող Քեսապը այդ օրերէն սկսեալ պահպանած է իր հայկականութիւնը: Հպանցիկ ակնարկութիւն մը կ՛ընէ Ալեքսանտրեթը Թուրքիոյ նուիրելու ֆրանսացիներու խարդաւանանքին, սակայն չ՛ակնարկեր այն դէպքերուն, որոնք տեղի ունեցան աւելի քան երեք տարի առաջ` նոյն թուրքերուն կողմէ Քեսապի գրաւումով, կողոպուտով ու վերստին ազատագրումով…
Անձնական յիշատակներու եւ ծանօթութիւններու կողքին, հեղինակը լայնօրէն վստահած է 5 աղբիւրներու` յուշագրութիւններ ու պատմական ուսումնասիրութիւններ, որոնք լոյս կը սփռեն ընդգրկուած պատմական իրադարձութեանց վրայ, անոնցմէ կը կատարէ լայն մէջբերումներ եւ կը թելադրէ ընթերցողին, որ ծանօթանայ այդ ու այլ հեղինակներու գործերուն:
Ուշագրաւ է նաեւ, որ հատորը ամբողջութեամբ «արտադրուած» է Սուրիոյ մէջ. բովանդակութեան պատրաստութիւնը կատարուած է Քեսապի մէջ, իսկ տպագրութիւնը` Հալէպ, «Արեւելք» տպարանէն: Սա, իր կարգին, այլ գործնական վկայութիւն մըն է, որ Հալէպի մեր գաղութը վերստին կը քալէ մշակութային-հրատարակչական այն ուղիէն, որ զինք յատկանշած է տասնամեակներէ ի վեր, որ պահ մը դանդաղումի մատնուեցաւ ահաւոր պատերազմին պատճառով: Աւելի քան տարիէ մը ի վեր հայկական աշխարհը աճող գոհունակութեամբ կը հետեւի գաղութի վերականգնումին: