Saturday, June 24, 2017

ՔէՍԱՊԻ ՋԱՐԴԻՆ ՄԻՋՈՑԻՆ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱԾ ՍՐՏԱՃՄԼԻԿ ՊԱՐԱԳԱՆԵՐ - Սեւան Անէտեան

ՔէՍԱՊԻ ՋԱՐԴԻՆ ՄԻՋՈՑԻՆ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱԾ ՍՐՏԱՃՄԼԻԿ ՊԱՐԱԳԱՆԵՐ
«Համըշենց հարսը Վարդա. — Փախուստի միջոցին կ’ապաստանի լեռը ոչխարներու գոմի մը մէջ, հոն արու զաւակ մը կը ծնի, ազատարար շոգենաւներու արձակած թնդանօդի ձայնը առնելուն, մանուկը ուսը նետած կը դիմէ ծովեզերք եւ կ’ազատի։
Տիկին Տօքթ. Սողունի. — Իր ութ զաւակներով եւ անտիոքցի 2 որբերով ու քրոջ հետ միասին չորս օր շարունակ քարայրի մը մէջ անօթի ծարաւ ահ ու սարսափի մէջ կը մնայ: Քանի մը սրիկայ թուրքեր կը գտնեն թաքստոցը եւ զանոնք կողոպտելէ ետքը՝ անոնց հանդէպ անխոստովանելի արարքներու մէջ կը գտնուին: Յանկարծ վրայ կը հասնի Օրտուցի յայտնի չարագործ Արիֆը որն որ ասպետական ոգով լեցուած կը մեռցնէ յարձակողներէն մին, եւ մնացեալք ի փախուստ մատնելով միեւնոյն զգացումով ոգեւորուած հայերը կ’առաջնորդէ Օրտու, եւ կը յանձնէ Յունաց քահանային տունը:
Ղազարեան Սերովբի կինը. — Փախուստի միջոցին մանչ զավակ մը կը ծնի, եւ սպառնացող վտանգին խելահեղ՝ նորածինը լքելով կը փախչի:
Սամուէլ Քէլ-Պօղոսեան. — Քէսապի մօտիկ լեռը կ’ապաստանի կնոջը հետ, խուժանը վրայ հասնելով կը վիրաւորէ կինը ազդրէն որով փախչելու անկարող կ’ըլլայ, ամուսինը չ’ուզելով այս վիճակի մէջ թողուլ եւ հեռանալ, ձեռք կ’իյնայ, անօրինակ վայրենիները կնոջ աչքին առջեւ կը մորթեն ամուսինը եւ մարմինը շատ մը մասերու կը բաժնեն, վիրաւոր կնոջ ալ պատիւը բռնաբարելէ վերջ, քանի մը տեղերէ դանակով կը վիրաւորեն, որուն վրայ մեռած կարծելով կը ձգեն ու կը հեռանան, վիրաւոր կինը քաշկռտուելով մինչեւ Ճէպէլ-Ագրայի բարձունքը կ’ելլէ, ուր 6 օր անօթի կը մնայ եւ ձիւնով յագուրդ կուտայ ծարաւին:
Հերոսութիւն մը. - Օր[իորդ] Ֆէրիտէ Աբելեան՝ Քեօրքինէի կողմը կը պաշարուի տասնեակ մը թուրքերէ, աննկարագրելի քաջութեամբ կը պաշտպանէ իր պատիւը, հուսկ ուրեմն պարտուած անոնց գազանային կիրքերուն զոհ դառնալու վայրկենին՝ վրայ կը հասնի յանկարծ Փանոս Խնդիրեան, որն որ մոլեգնած աղջկան արձակած աղիողորմ ճիչերէն եկած ըլլալով, քարի մը ետեւ անցած հրազենովը կը սատկեցնէ անոնցմէ մին: Միւսներն ալ այս 17ամեայ պատանիի յանդգնութենէն ահաբեկած կծիկը կը դնեն, իսկ երկու հերոսները վերահաս իրարանցումէն օգտուելով կ՚ազատին:
Էլիզա Քէրովբէ Պասմաճեան. — Եէտի-տէրէ կոչուած վայրը երբ կը տեսնէ խուժանի մօտենալը եւ անոնց ձեռքէն այլ եւս ազատելու անկարելիութիւնը, կ’աղաչէ ամուսնոյն սպաննել զինքը, որպէս զի ողջ չ’իյնայ հրէշներուն ձեռքը, ամուսինը ինք ալ գրգռուած ճգնաժամային վայրկենի ազդեցութենէն, որսի հրացանովը կը կատարէ կնօջ կամքը, հրացանը խիստ մօտէն արձակուած ըլլալուն, միեւնոյն ատեն կնոջ զգեստն ալ կը բռնկի, եւ այսպէս կրակ ու բոցի մէջ կը մեռնի եւ իր անդրանիկ եռամսեայ զավակն ալ ոտնակոխ կ’ըլլայ: Գալով ամուսնոյն քանի մը տեղերէ վիրաւորուելէ ետք մեռած կարծելով, անշնջացած կը թողուի, հետեւեալ օրը սթափելով շատ մը տանջանքներով կը հասնի զիւղ մը անկէ կը փոխադրուի Լաթաքիա Ամերիկեան հիվանդանոցը, յիշեալին 80 տարեկան հայրն ալ կ’սպաննուի:
Թուրվանտայ Ղազարեան. — Քէսապ տանը մէջ խուժանի կողմէ կը սպաննուի, Պէզկիցի թուրք մը երբ զէնքերը կ’առնէ որ ինք ալ ջարդի երթայ, կինը կ՚աղաչէ ու կը պաղատի որ այս չար նպատակէն հրաժարի, բայց անօգուտ, անիկայ որոշած է եւ պիտի երթայ, ճամբան առաջին հանդիպած տունը Թուրվանտայինը կըլլայ. չի մտածելով արդէն թէ պիղծ ձեռքեր այդ յարկին մէջ իրենց աւերը գործած էին, շառաչմամբ կը բանայ դուռը եւ քարացած կը մնայ ահռելի տեսարանին հանդէպ, որ կը պարզուի իր աչքին առջեւ, վեց ամսուան մանկիկ մը՝ սպաննուած մօրը ստինքներուն կառչած կաթի փոխարէն արիւն կը ծծէր: — Պէնկէցի թիւրքը խելացնոր այս քստմնեցուցիչ պատկերին ի տես, անիծելով կը նետէ հոտ իր զէնքերը, եւ մինչ սարսափահար խոյս կուտար նա ատկէ հրդեհը կը ծաւալի ու մոխրակոյտին տակ կ’անյայտանայ մօրն ու մանկան սրբազնագոյն աճիւնները:
Ֆէրիտէ Պասմաճեան. — 18 ամեայ մանկամարդուհին կը հալածուի խուժանէն Ետի-Տէրէ կոչուած տեղը, խեղճը կը հասնի ուժասպառ գահավէժի մը եզերք, յարձակող սրիկաներէ մին կը յաջողի վերջապէս մազերէն կռնակին վրայ տարածուած եւ հիւսուած մասը ձեռքին մէջ անցնել՝ վայրագ գոհունակութեամբ մը, բայց հազիվ ակնթարթ մը տեւողութիւն կ’ունենայ այս, վասնզի դիւցազնուհին գերբնական ցնցումով մը կը նետէ ինքզինքը անդունդին մէջ եւ այսպէսով կը նուիրագործէ իր պատիւը:
Գըրըշլը Յակոբի կինը Սիմա. — Իր քրօջ եւ երկամեայ ու հինգ ամսուան երկու զաւակաց հետ հրաշքով մը կը փախչի խուժանին հետապնդումներէն եւ կ՚ապաստանի ծովեզերք, բայց աւ՜աղ հոս ալ քանի մը թուրքեր գազանավայել վայրագութեամբ մը վրանին կը խուժեն, արագաշարժութեամբ քոյրը կը խուսափի վերահաս վտանգէն: Իսկ տարաբախտ մայրը փրկութեան ամէն յոյս այլ եւս կորսնցուցած կուրծքին վրայ կը սեղմէ իր սրտին հատորները եւ ճակատագրային համակերպութեամբ մը իր վերջին համբոյրները անոնց մատուցանելէ վերջ տեղի կ’ունենայ դիւցազնութեանց գերագոյնը, ծովը նետուելով: Մայրն ու զավակները ալիքներէն մղուելով աներեւոյթ կ’ըլլան ծովին ցուրտ ծոցին մէջ: Քանի մը ժամ վերջ փախստական անցորդներ կը հանդիպին մանկամարդ կնոջ ծովահեղձ դիակին, եւ կը թաղեն զայն շտապաւ աւազակոյտի մը ներքեւ: Ահա թէ՝ ի՞նչպէս Հայ կինը կ’ըմբռնէ պատւոյ նուիրականութիւնը:
ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՂԷՏԸ
ՅԱԿՈԲ ԹԷՐԶԵԱՆ
Կ.ՊՈԼԻՍ, Տպագր.Յ.Ասատուրեան եւ Որդիք,1912։

No comments:

Post a Comment