Saturday, June 24, 2017

Սեղանին Վրայ Մոռցած Ժամացոյցս… - ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ

Սեղանին Վրայ Մոռցած Ժամացոյցս…

  ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ





Աշխատանքէ վերադարձիս ամէն անգամ, երբ առիթ ընծայուէր, երկար կը կանգնէի ժամացոյցի խանութներու ցուցափեղկին դիմաց: Ձեռքս կը տանէի դաստակիս ու կը յիշէի սեղանին վրայ մոռցած ժամացոյցս: Իսկ նորերուն մէջ կը փնտռէի ունեցածիս նմանը:

Վերջապէս օր մը որոշեցի մտնել ու գնել հատ մը:
Ինձմէ առաջ տեղացի կին մը` կանգնած ցուցասեղանին, կ՛ընտրէր ժամացոյց մը: Խանութին տէրը գունդ ու կլոր մարդ մըն էր, թաւ պեխերով, կարմիր այտերով, վաթսունի մօտ քմահաճ մարդ մը կ՛երեւէր: Ան ծանր ու դանդաղ կը կատարէր կնոջ խնդրանքները եւ քիթին տակէն մրթմրթալով կը պատասխանէր կնոջ հարցումներուն: Զգացի, որ պահը յարմար չէր ժամացոյցի նայելու, այնուամենայնիւ որոշեցի մնալ: Կինը սակարկելու չսկսած` խանութին տէրը սկսաւ բարկանալ այնպէս, որ կինը լուռ ու մունջ ձգեց ու հեռացաւ:
Կարգը իմս էր, գիտէի կարծես, թէ լաւ աւարտ պիտի չունենար ծրագիրս: Երկու հատ զատեցի, դրի դաստակիս եւ պահ մը ինքնամոռաց հասայ տուն, ի՜նչ նման էին իմինիս: Եւ երբ գինը հարցուցի, տրտմեցայ, անհաւատալի սուղ էին ինծի համար: Դեռ ժամացոյցները ձեռքէս վար չդրած ու բառ մը չարտասանած խանութպանը յարեց.
– Դուք բոլորդ ալ նոյնն էք արդէն: Չէք կրնար գնել` ինչո՞ւ կը մտնէք խանութ ու մեզ կը յոգնեցնէք:
Մե՞նք… մե՜նք, «իրենց պէս չենք» ուզեցի ըսել գոռոզ մարդուն, բայց չկրցայ: Ետ-ետ քաշուելով ես ալ կնոջ պէս լուռ ու մունջ դուրս ելայ:
Մե՞նք, ո՜հ, մե՛նք լաւագոյնը ունէինք… պարո՛ն:
Մենք մեր ունեցածը ձգեցինք ռումբերու տեղատարափին տակ, պարո՛ն… ասիկա փոխանակ մարդուն ըսելու, ես ինծի սկսայ կրկնել, երբ արդէն բաւական մը հեռացած էի խանութէն: Պէտք է ետ դառնալ ու պատմել մարդուն մեր ո՛վ ըլլալուն մասին: Բայց կը մտածեմ, որո՞նք են «դուք»-ը` չքաւորնե՞րը, կարօտեալնե՞րը, ովքե՞ր են «դուքը»: Չէ՜, պարո՛ն, բոլորին յարմար ժամացոյցներ կան աշխարհի վրայ: Ժամացոյցէն շատ ինչ: Կարօտեալներն ալ ունին ժամացոյց, չքաւորներն ալ, աղքատներն ալ: Ի՜նչ փոյթ` ոսկեայ կապով չէ, կարեւորը ժամը ցոյց տալն է: Ինքնահաւան ու անդաստիարակին մէկը:
Բայց ինչո՞ւ չկրցայ պատմել մեր ով ըլլալուն մասին: Ամէն անգամ, որ կը հարցնեն մեր վերջին գաղթին մասին, կը խուսափիմ պատմելէ ու մանաւանդ գրելէ: Ինչպէ՞ս կարելի է բառելով պատմել թալան մը, որուն ենթարկուեցան 3000 մարդիկ: Հաշուապահներ դիւրաւ կրնան թալանի մը նիւթական պատկերը, եթէ ոչ ճշգրիտ, գէթ մօտաւոր տալ, բայց թալանի մը հոգեկան կորուստի պատկերը կարելի չէ գիրով արտայայտել: Զոհի զգացողութիւնը կը խեղդէ մարդը այնքան, որ անզօր կը դառնայ պատմելու այդ մասին ու կը նախընտրէ լռել: Բարեբախտաբար զոհի զգացողութիւնը վերացաւ երեք ամիս ետք` քեսապցիին տուն դարձով, բայց թալանուած ըլլալու հանգամանքին ցաւը կը կոտտայ ամէն անգամ, որ մարդկային միտքը յիշէ կատարուածը:
Անցան օրեր ու կրկին պայծառ օր մը յայտնուեցայ նոյն խանութին առջեւ: Մտայ ու զատեցի այն, որ նման էր իմ տուն մոռցածիս, առանց սակարկելու` գինը վճարեցի, ապա խանութպանին ըսի.
– Մենք նոյնը չենք…
Մարդը զարմացական նայուածքով մը ձեռքով հարց տուաւ, թէ ի՛նչ կ՛ըսեմ:
Պատմեցի ամիսներ առաջ իր ունեցած արտայայտութեան մասին:
Շուռ եկան շրթները եւ տատամսելով ըսաւ.
– Ըսէիք, որ Քեսապէն էք…
– Պարո՛ն, երէկ մենք էինք, վաղը ուրիշներ կրնան ըլլալ, բայց այնքան ատեն որ ձեր դիմաց մարդ կանգնած է ու այն ալ` հայ մարդ, պարտաւոր էք յարգանքով վարուիլ:

Արտատպուած՝ Յունիս 17, 2017
                                                                    

No comments:

Post a Comment