Thursday, March 30, 2017

ՄԻԱԿ ՎԱԽՍ - ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ


  
Սիլվի Աբէլեան
Մանկութիւնս յատկանշող երեւոյթներէն մէկը վախս էր կովերէն: Այո՛, վախս բոլորովին անվնաս այդ կենդանիներէն, որոնք բարիք էին ոչ միայն զիրենք պահող ընտանիքներուն, այլեւ դրացիներուն, ինչո՞ւ չէ՝ նաեւ ամբողջ թաղին: Երբ Քեսապ զբօսաշրջական նշանաւոր կեդրոն դարձաւ, այլազան պատճառներով կաթնտու կենդանիներուն խնամքը հետզհետէ նուազեցաւ: Իմ մանկութեանս տարիներուն քիչ էին այն ընտանիքները, որոնք ընտանի կենդանի կը պահէին: Իսկ այսօրուան իրականութեան մէջ հազիւ թէ երկու կով գտնուի:
Մեծ մայրս, հակառակ քաղաքէն գիւղ հարս գացած ըլլալուն, անսահման գուրգուրանքով ոչ միայն կը խնամէր կով, այլեւ ընտանիքի անդամներէն մէկուն չափ կը սիրէր զայն: Ան հաճոյքով ինծի ու եղբօրս կուզէր ցոյց տալ կովուն լոյս աշխարհ բերած նորածին հորթուկը. ես կը գոհանայի հեռուէն դիտելով, մինչ եղբայրս աւելի կը մօտենար: Ինչքա՜ն դժուար էր ինծի համար մարդոց հաւատացնել, որ կովերէն կը վախնամ: Ծնողներէս սկսած մինչեւ դրացիներ, բարեկամներ, ընկերներ ոչ միայն չէին համոզուեր, այլեւ կը մեղադրէին, որ գիւղի աղջիկը ինչպէ՞ս կը համարձակի նման բան ըսել․ ոմանք հեգնանքով կը վերաբերէին, իսկ ուրիշներ ալ պատանիի հովեր առնելուս կը վերագրէին: Այս բոլորը թոյլ չտալու լաւագոյն միջոցը վախիս մասին ակնարկութիւն չընելս էր ալ:
Հետաքրքրականը այն էր, որ վախս առիթ տուած էր, որ ես լաւապէս սերտէի այդ կենդանիներուն շարժումները. օրինակ՝ շատ լաւ գիտէի, թէ տարուան ո՛ր ամիսներուն եւ օրուան ո՛ր ժամերուն մարդիկ իրենց կովերը դուրս կը հանէին: Գիտէի նաեւ Քեսապի մէջ թաշկինակի ծաւալով ա՛յն արօտավայրերը, ուր կովեր կը տարուին արածելու: Այդ ժամերուն կաշխատէի խուսափիլ այդ վայրերուն քովէն անցնելէ, իսկ եթէ պատահէր՝ ճամբաս կը փոխէի եւ կամ տուն կը դառնայի: Այսպէս, վախիս կրցած էի լուծում տալ:
Քեսապի մէջ գարնան քալելը տարբեր հրապոյր մը ունի, զոր կարելի չէ անտեսել: Օդի մաքրութիւնը, ծաղկած լեռներուն անուշ բոյրը, ծլած կանաչ խոտերը, թիթեռնիկներն ու թռչունները դրախտի մէջ զգացնել կու տան մարդը: Եւ այսպէս, գարնանային գեղեցիկ օր մը, մօրաքրոջս աղջկան հետ բռնեցինք դէպի իրենց տուն տանող ճամբան, որ կը սկսէր խիստ ու շատ երկար զառիվերով, ապա կը բացուէր դէպի Գարատուրանի հովիտ տանող ճամբան, որու սկիզբը գտնուող գիւղը Քարատաշն էրՍովորաբար այցելութիւն չէր ըլլար մեր նպատակը, այլ այդ եօթը վայրկեան տեւող ճամբան կէս ժամ քալել:
Ուրախ-զուարթ զրուցելով կը քալէինք, երբ յանկարծ աջին, բլրակի մը վրայ, յայտնուեցան ինծի սարսափ պատճառող կովերը: Կանգ առի, գոյնս փոխուեցաւ եւ իսկոյն որոշեցի դառնալ տուն: Մօրաքրոջս աղջիկը, որ ինձմէ փոքր էր տարիքով,  սկսաւ համոզել, թէ ինք կովերուն գտնուած կողմը կը կենայ, ու այդպէս կը շարունակենք մեր ճամբան, թէ ինք կը վստահեցնէ, որ բան չեն ըներ, թէ ինք հիմա միջոց մը կը գտնէ անպայման դուրս գալու այդ նեղ կացութենէնեւ ի զուր անցան զիս համոզելու անոր բոլոր փորձերը: Ուրիշ ճամբայ չկար, ճամբուն ձախ կողմը շէնք էր: Իմ տուն դառնալու պնդումս ու մօրաքրոջս աղջկան պաղատանքը ճամբան շարունակելու ինչքան երկարած ըլլալու են, որ հովիւը նշմարեց ու մեզ կանչեց: Մօրքուրիս աղջիկը իսկոյն պարզեց կացութիւնը ու ըսաւ, թէ խնդիրը իմ վախս էր կենդանիներէն:
Հովիւը գիւղական հեգնանքով մը կրկին կանչեց
Օ՞մ իշքէննիս դօն (Որո՞ւ աղջիկն ես):
Դէ՛, հիմա եթէ կրնաս գիւղացի մարդուն մի՛ պատասխաներ:
Էբիլինց…,- դեռ խօսքս չշարունակած հովիւը ընդհատեց.
Էբիլինց մի՞, հայ կտրըլը կծծէք, հա վախի՞ս, այպ ի քիղերը բենէ չվախիս, աս մաղսըմնէն հավախիս (Աբէլեաններէ՞ն, ա՛յ կտրուելիք մազ, կը վախնա՞ս, ամօթ է քեզի, աղջի՛կ, ուրիշ բանէ չես վախնար, այս խեղճ կենդանիներէ՞ն կը վախնաս):
Մարդէն վախցիր, աղջի՛կ, կենդանին բան չըներ,- ու սկսաւ քովի կովուն վիզը շոյել, մինչ կենդանին երկարեց վիզը ու մեծ աչքերով կողմս նայելու սկսաւ:
Դող մը բռնեց զիս, եւ զգացի որ ոտքերս հիւսուեցան իրարու, ոչ թէ տուն դառնալու, տեղէս մէկ քայլ շարժելու վիճակ չունէի:
Քալէ՛, այն կողմ մի՛ նայիր,- ջղայնանալու սկսաւ ազգականս:
Կովը ինծի կը նայի, տե՛ս:
Խե՜նթ ես, ի՜նչ, կովը քեզի չի նայիր,- ու նորէն սկսաւ մեր վիճաբանութիւնը,- հովիւը ըսաւ, որ բան չեն ըներ, քալէ՛ ալ:
Հովիւը հազար թող ըսէր, ես իմ վախս գիտէի: Այդ անել կացութենէն դուրս գալու համար հրաշք պէտք էր, հրաշք:
Ես հոս եմ, անցէ՛ք, կը բռնեմ կովերը,- բարբառային սուր ծաղրանքով մը դուրս տուաւ բարի մարդը եւ կուշտուկուռ խնդաց: Նոյն միջոցին մօրաքրոջս աղջիկը թեւէս մտաւ ու սկսաւ քաշքշել: Վերջապէս շունչս բռնած, քրտինքներու մէջ, արագ քայլերով անցայ ինծի համար վտանգ նկատուած բաժինէն: Օ՜ֆ, վերջապէս, ա՛լ ապահով էի, իմ պատկերացումովս:
Այս դէպքին յաջորդեցին նման քանի մը դէպքեր, որոնցմէ դժուարութեամբ դուրս եկած եմ, որոշ պարագաներու ալ նախընտրած եմ դառնալ տուն. եւ այսպէս շարունակուեցաւ, մինչեւ որ կովերու խնամքը գիւղին մէջ նուազեցաւ այնքան, որ ա՛լ արօտավայրերուն մէջ չէին նկատուեր արածող կենդանիներ:
Այն օրէն երկու տասնեակ տարիներ անցած են հիմա: Անցեալի անհոգ պատանիներս կեանքի ասպարէզ նետուած ամէն օր ականատես կըլլանք մարդկային բազմատեսակ վայրագութիւններու եւ բարոյական արժէքներու ոտնահարման, որոնք կը հաստատեն, որ մարդ շեղած է իր հունէն եւ գրեթէ կորսնցուցած բարոյականով առաջնորդուելու իր չափանիշները: Գազանները կը յօշոտեն անօթութեան պարագային, բայց այս օրերուն զարմանալի է, թէ ինչպէ՛ս մարդիկ հեշտութեամբ աննշան դէպքի մը համար կրնան յօշոտել դիմացինը ու նոյնիսկ չանդրադառնալ իրենց գազանային արարքին:
Քարացած մտքերն ու ապականած մտայնութիւնները ամէն բանէ աւելի այսօր բացասաբար կազդեն մեր ընկերութեան առողջ կեանքի զարգացման վրայ: Իսկ միւս կողմէ հալածանքի ու ցաւի մէջ գտնուող մարդու գոյութեան խնդիրը մտահոգիչ կը դառնայ օրէ օր:
Հիմա, մարդկային իրականութեան մէջ, երբ մէկ կողմէն կը տեսնեմ այս բոլորը ու միւս կողմէն կը յիշեմ անցեալի անհիմն վախս, նոր կը հասկնամ, թէ մեր գիւղի հովիւը ի՛նչ ըսել կուզէր՝ «Մարդէն վախցիր, աղջի՛կ», խօսքով: Աշխարհի մէկ ծայրը նստած բարի եւ իմաստուն հովիւը շատ լաւ գիտէր, որ կեանքին մէջ բոլոր ժամանակներուն ալ մարդէն միայն պէտք է զգուշ ըլլալ եւ ոչ թէ անվնաս ու բարի կենդանիներէն:

Պէյրութ, 2017
                            
                                                        Արտատպուած՝  ՀԱՅԵՐԷՆ BLOG
                                         hayerenblog.wordpress.com/2017/03/03/